2014-05-26 08:14:15

Համամիութեան աղօթք` Բարթողէմէոս Ա–ի Քարոզը, Յիսուսի թաղման տաճարին մէջ


Բարթողէմէոս Տիեզերական Պատրիարքը, Յիսուսի թաղման տաճարին մէջ տեղի ունեցած համամիութենական հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր քարոզը կեդրոնացուց` Վայրի նշանակութեան վրայ մատնանշելով թէ ''Յիսուսի գերեզմանը այն վայրն է, ուր՝ Յիսուս թաղեցին. կենդանի գերեզմանը՝ ուրտեղէն ի յայտ եկաւ կեանքը''։ Անա ապա գոհունակութիւն յայտնեց` ''Ողորմութեան Աստուծոյ որ արժանի ըրաւ մեզի ուխտագնացութիւն կատարելու այս վայրին մէջ ուր՝ աշխարհին յայտնուեցաւ Փրկչագործութեան խորհուրդը։
Բարթողէմէոս Տիեզերական Պատրիարքը իր խօսքին մէջ մատնանշեց թէ ''Առաջին եւ գլխաւոր պատգամը որ կը բխի այս թափուր գերեզմանէն այն է, թէ մահը՝ մեր կեանքի վերջին թշնամին, աղբիւրը ամէն տեսակ մտավախութեան եւ չարչարանքի, յաղթահարուեցաւ` Յիսուսի Սէրը յաղթահարեց զայն։
Յիսուս կամաւոր կերպով մահացաւ՝ ուրիշի սիրոյն համար։ Ուրիշի սիրոյն համար ամէն մահ կը վերածուի կեանքի, իսկական կեանքի։
Բարթողէմէոս Պատրիարքը ապա հաստատեց, ''պէտք չէ վախնալ ոչ մահէն, եւ ոչ ալ չարէն'' Ան ապա ակնարկեց Յիսուսի թափուր գերեզմանէն բխող երկրորդ պատգամին, հաստատելով թէ ''պատմութեան վերջին բառը՝ չպատկանիր մարդուն, այլ՝ Աստուծոյ''։
Դարերու ընթացքին, իշխանութեան պատկանող պահակները ի զուր հսկեցին գերեզմանին վրայ, ի զուր զետեղեցին հոն հսկայ քար մը։
Յիսուսի Թաղման տաճարը կը հրաւիրէ մեզ հեռացնելու, մեզի ժամանակակից եւ տարածուած այլ երկիւղ մը, ուրիշէն, զանազանութենէն, տարբեր կրօնի կամ դաւանանքի պատկանող անձէն՝ վախը – ըսաւ Պատրաիրքը հաստատելով թէ ''կրօնամոլութիւնը կը սպառնայ խաղաղութեան եւ թէ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, կեանքի պարգէւը՝ կը զոհաբերուի կրօնային ատելութեան խորանին վրայ''։

Տիեզերական Պատրիարքը կեդրոնանալով ՝ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթէնակորա Պատրիարքին միջեւ տեղի ունցած պատմական հանդիպումի նշանակութեան վրայ ըսաւ` ''Անոնք վտարեցին հազարամեայ տարիներէ ասդին գոյատեւող վախը. որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի եկեղեցիները հեռու պահեցին մէկը միւսէն։ Անոնք՝ վախը վերածեցին Սիրոյ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, հանդիպումս կը հետեւի անոնց հետքերուն եւ կը պատուէ անոնց հերոսական ձեռնարկը։Սիրոյ ողջագուրում մը, ընթանալու դէպի հաղորդութեան լիութիւն՝ Սիրոյ եւ Ճշմարտութեան մէջ''։
Այս է ճանապարհը որուն որեւէ դաւանանքի կամ եկեղեցւոյ պատկանող բոլոր քրիստոնեաները, կանչուած են հետեւելու, իրենց փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ։ Դժուար եւ երկար Ճանապարհ մը որ միակ ուղին է որ մեզ կ'առաջնորդէ կատարելու Տիրոջ կամքը՝ ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' (Յովհ 17,21)։








All the contents on this site are copyrighted ©.